2016-04-23 08:53:00

29 Ապրիլին` Հռոմի մէջ ձեռնարկ ի սպաս Փաքիստանի հալածուած քրիստոնեաներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 29 Ապրիլ 2016-ին, տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմնի նախաձեռնութեամբ, Հռոմի` Fontana di Trevi անուամբ շատրուանի ջուրերը կարմիրով պիտի լուսաւորուին, ի յիշատակ Փաքիստանի քրիստոնեայ նահատակներուն։ Փաքիստանի մէջ արդարեւ քրիստոնէութեան դէմ հալածանքը օրէ օր աճ կ՛արձանագրէ, որովհետեւ անոնք կը մերժեն ուրանալ իրենց հաւատքը։  Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան այս ձեռնարկին միացած են հինգ  ցամաքամասերու եկեղեցիները։

Այս նախաձեռնութեամբ տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմինը կ´ուզէ  միջազգային հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել աշխարհի զանազան վայրերու մէջ հալածուած քրիստոնեաներու ողբերգութեան վրայ։ Ողբերգութիւն մը որ յաճախ անտեսուած է միջազգային մամուլէն։ Այդ քրիստոնեաներու շարքին են նաեւ Հայ ազգի միլիոնաւոր նահատակները։

Վերոնշեալ նախաձեռնութեան իրենց յարումը յայտնեցին Փաքիստանի ու Նիճերիոյ եկեղեցիները։ Նիճերիոյ առաջնորդը գնահատելով տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն նախաձեռնութիւնը` ընդգծեց թէ այսօր`  աշխարհի զանազան վայրերու մէջ քրիստոնեաներու կեանքը վտանգի մէջ է իսկ  Միջին Արեւելքի մէջ, որ եղած է օրրանը Քրիստոնէութեան, հետզհետէ անոնց ներկայութիւնը կը նուազի։

Փաքիստանի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Joseph Coutts եւս` իր յարումը յայտնած է, ընդգծելով որ քրիստոնեաները այսօր աշխարհի զանազան վայրերու մէջ կը հալածուին, հարկաւոր է որ անոնց ողբերգութիւնը ճանչցուի։ Շատ մը քրիստոնեաներ իրենց մայր հողէն հեռացած են իրենց կեանքը փրկելու համար իսկ ուրիշներ սպաննուած են պարզապէս որովհետեւ քրիստոնեայ են։ Հետեւաբար ամէնքս կանչուած ենք աղօթքով միանալու այդ նախաձեռնութեան ու ցոյց տալու մեր զօրակցութիւնը հալածուած մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն նկատմամբ - յայտնած է Փաքիստանի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.